Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբնանաի Շրջանային Վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Սեւակ Յակոբեանին, այցելութիւն տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Հանդիպման ընթացքին քննարկումի ենթարկուեցան ընդհանրապէս մեր ազգը ու յատկապէս Արցախի պատերազմէն ետք Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած կացութեան հետեւանքները։ Անորոշութիւններով ու մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ պայմաններուն մէջ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հայրենիքէն ներս նոր էջ մը բանալու ու մեր ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։