ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԷՋ

Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2020-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի մանուկներուն մեծ ուրախութիւն պատճառեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին անակնկալ այցելութիւնը։ Շուրջ ժամ մը Վեհափառ Հայրապետը «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտներուն հետ եղաւ, իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէն հայր սուրբին՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանին եւ պաշտօնէութեան։

 

Մեր ժողովուրդին համար սովորական որբանոց ըլլալէ անդին, «Թռչնոց Բոյն»ը յատուկ նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւն մըն է։ Մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւաքական յիշողութեան մէջ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, խոր արմատներ նետած է «Թռչնոց Բոյն»ը, որովհետեւ հոն պատսպարուած են ցեղասպանութեան զոհ դարձած ընտանիքներու հազարաւոր որբերը։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու վեհափառ հայրապետները միշտ յատուկ հոգածութեան առարկան դարձուցած են «Թռչնոց Բոյն»ը։