ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԱՂՕԹՔԻՆ

Կիրակի, 24 Յունուար 2021-ին, տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն «Աղօթքի Շաբաթ Եկեղեցիներու Միութեան Համար», կազմակերպութեամբ Միջ-եկեղեցական Երկխօսութեան Յանձնախումբին:

 

1908 թուականէն ի վեր հաստատուած գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի, աշխարհի տարածքին եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ միատեղուելով, Յունուարի երրորդ շաբթուան ընթացքին կը կատարեն եկեղեցիներու միութեան աղօթք: Այս տարի, քորոնա ժահրին ստեղծած ոչ-բնական պայմաններուն պատճառով յիշեալ արարողութիւնը կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ։ Յիշենք, որ 2019-ին վերոնշեալ աղօթքի արարողութիւնը տեղի ունեցած էր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մը ուղղած էր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովուրդին:

 

Այս տարի աղօթքի մասնակցեցան աւելի քան 42 ներկայացուցիչներ: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ, Արաբերէն աղօթքի ընթերցումով,  Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան: