Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ նշանակեց Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը։
Հայր սուրբը ձեռնադրուած եւ օծուած է 2012-ին։ Ան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պըրքլիի Graduate Theological Union համալսարանին մէջ՝ արժանանալով մագիստրոսի աստիճանին։ Հայր սուրբը Կաթողիկոսարանէն ներս ստնաձնած է Երիտասարդական Բաժանմունքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան հոգեւոր խորհրդատուի եւ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչի պաշտօնները, ինչպէս նաեւ եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։