Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչ Արքեպիսկոպոս Փոլ Սայեահը: Ան հայոց Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Պատրիարքին շնորհաւորանքը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած Պատրիարքին մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները: Յայտնենք, որ այս առաւօտ Մարոնիթ Պատրիարքը հանդիպում մը ունեցած էր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին հետ:
Վեհափառ Հայրապետին այցելեց նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Մուհամմէտ Սէմմէք: Հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց առնչուած յառաջիկայ աշխատանքները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ յիշեալ աշխատանքներուն:
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Նորին Սրբութիւնը նամակներ ստացաւ, ինչպէս նաեւ հեռախօսային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապէն, հոգեւոր պետերէ, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահէն եւ նախկին վարչապետներէն:
Քորոնա ժահրի համաճարակին, ինչպէս նաեւ Արցախի պատերազմին պատճառով Հայրապետը ջնջած էր Նոր Տարուան ու Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորական այցելութիւնները եւ կոչ ուղղած մեր ժողովուրդին՝ տօնական օրերուն հեռու մնալու խրախճանքներէ եւ այդ առիթով կատարուելիք ծախսերը փոխանցելու Հայաստանի եւ Արցախի կարիքաւոր ընտանիքներուն: