Հինգշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, ինչպէս նաեւ իր գլխաւորած Լիբանանի վարչութեան անդամներուն:
Ներկաները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան նորտարուան բարեմաղթութիւնները եւ ազգն ու հայրենիքը յուզող հիմնական հարցերու նկատմամբ իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Արցախի պատերազմէն ետք Արցախէն ու Հայաստանէն ներս ստեղծուած իրավիճակին եւ անոր հետեւանքներուն: Քննարկուեցաւ նաեւ Սփիւռքը վերակազմակերպելու հրամայականը: