22 Հունվարի, 2021

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

11-15 Յունուար 2021-ին առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) յառաջիկայ Ընդհանուր Համաժողովին Պաշտամունքի Ծրագրաւորման Յանձնախումբին երկրորդ նիստը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ, Ե.Հ.Խ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ սոյն յանձնախումբին անդամ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։

 

Նշենք, որ յանձնախումբը իր առաջին նիստը գումարած էր 2019-ին, Գերմանիա, ուր նախատեսուած էր գումարել նաեւ երկրորդ նիստը, սակայն թագաժահր համաճարակին հետեւանքով բոլոր աշխատանքները կը յետաձգուին մէկ տարիով, հետեւաբար նաեւ յետաձգելով Ե.Հ.Խ.-ի Ընդհանուր Համաժողովը՝ Սեպտեմբեր 2022-ին։

 

Նիստերու ընթացքին, 20 անդամներէ բաղկացած յանձնախումբը իր ծրագիրները մշակեց առաւելագոյն չափով ներկայ յարափոփոխ իրավիճակին յարմարուելու միտումով, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով համաշխարհային հաւանական տարբեր իրավիճակները՝ համաճարակի նոյն ընթացքով շարունակուելու պարագային։ Յանձնախումբը կեդրոնացաւ ամէնօրեայ աղօթքներու ընդլայնման, Համաժողովին թեմային առնչուած Սուրբ Գրային ընթերցանութիւններու, բացման եւ փակման աղօթքներու, ինչպէս նաեւ պաշտամունքային նիւթերու հրատարակութիւններու վրայ՝ շեշտը դնելով զանոնք իրականացնելու կենսոլորտի բարեկամ միջոցներով։

 

Ներկայ պայմաններուն բերումով, յանձնախումբը պիտի շարունակէ երկշաբաթեայ յաճախականութեամբ առցանց գումարել իր ժողովները։

More News