ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020-ի Երեկոյեան Ժամերգութենէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ միաբանական հաւաք մը տեղ ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։   Հաւաքին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը շարք մը թելադրութիւններ կատարեց միաբան հայրերու քարոզախօսութիւններու, դասախօսութիւններու եւ ընկերային ցանցերու գործածութեան առնչուած, ինչպէս նաեւ շեշտեց եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութիւնը առաւել ծաւալելու եւ մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը։…