30 Դեկտեմբերի, 2020

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ՆՊԱՍՏԸ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

 

Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կոչին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը Նոր Տարուան առիթով տեղի ունենալիք աշակերտական խրախճանքին յատկացուելիք  ծախսերն ու նուիրատուութիւնները յատկացուց Լիբանանի ու Սուրիոյ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Նոյնպէս Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը 200 ընտանիքներու նպաստ բաշխեց:

 

Յայտնենք, որ այս ուղղութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերը նիւթապէս օգտակար հանդիսացան: 

More News