ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՆ «ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ» ՇԱՐՔԻՆ Թ., Ժ. ԵՒ ԺԱ. ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակութեամբ լոյս տեսան «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին Թ., Ժ. եւ ԺԱ. հատորները՝ «Ապաշխարութեան Օրհնութիւններ Եւ Ապաշխարութեան Հարցեր Իրենց Սարքերով», «Ալէլուքներ Եւ Թագաւոր Յաւիտեաններ» եւ «Կանոն Հանգստեան, Հանգստեան Հարցեր Իրենց Սարքերով Եւ Խաչի Մանկունքներ» յաջորդաբար։

 

Հատորներուն խմբագրութիւնը կատարած է Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, իսկ համակարգչային պատրաստութիւնը՝ Բարշ. Սարգիս Սրկ. Յովհաննէսեան։

 

Սրբազան Օշական, որ սոյն շարքին առաջին երեք հատորներուն վրայ աշխատակցած է հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի գլխաւորութեամբ, գործերուն յառաջաբանին մէջ կը ներկայացնէ իւրաքանչիւր հատորին հոգեւոր պատգամն ու բացատրութիւնը, որպէսզի հասկնալի ձեւով ու ապրումով երգուին տուեալ շարականները՝ նշելով, որ նօթագրութինները գրի առնուած են հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդական երգեցողութեան համաձայն։

 

Նշենք, որ  շուրջ  300 էջերէ բաղկացած Թ. հատորին մեկենասութիւնը կը պատկանի Տէր եւ Տիկին Տոթք. Տրդատ եւ Սեդա Մանկիկեաններուն. եւ դարձեալ շուրջ 300 էջերէ բաղկացած ԺԱ. հատորը կը հրատարակուի շնորհիւ «Ծափիկ Պաղտասարեան» քրիստոնէական դաստիարակութեան հիմնադրամին։ Իսկ շուրջ 200 էջերէ բաղկացած Ժ. հատորը կը հրատարակուի ի յիշատակ հոգելոյս Զարեհ Սրբազանին։

 

Այս առիթով կ՚ուզենք յայտնել, որ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» բոլոր հատորներուն ներկայացումը յառաջիկային առցանց տեղի պիտի ունենայ։