Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
ԱՂՕԹԵՆՔ ՈՐ 2021 ՏԱՐԻՆ ԴԱՌՆԱՅ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ՏԱՐԻ՝ ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ Բացուող Նոր Տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Տագնապալից տարի մը եղաւ 2020 տարին համայն մարդկութեան ու յատկապէս՝ մեր ժողովուրդին համար։ Արդարեւ, քորոնա ժահրին ու տնտեսական տագնապին…