Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԿԸ ՀՆՉԷ ՔՈՒԷՅԹԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ՝ «ՔԱԼԵԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱԾ ՃԱՄԲԷՆ»
Ուրբաթ, 12 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, քուէյթահայութիւնը խուռներամ ներկայութեամբ համախմբուած էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ ժողովրդային ընդունելութեամբ բարի գալուստ մաղթելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, որ հովուապետական հնգօրեայ այցելութեամբ կը գտնուի Քուէյթ: Նորին Ս. Օծութիւնը հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր իր նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարգ՝ ձեռամբ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի:…