Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԿԸ ՀՆՉԷ ՔՈՒԷՅԹԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ՝ «ՔԱԼԵԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱԾ ՃԱՄԲԷՆ»

Ուրբաթ, 12 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, քուէյթահայութիւնը խուռներամ ներկայութեամբ համախմբուած էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ ժողովրդային ընդունելութեամբ բարի գալուստ մաղթելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, որ հովուապետական հնգօրեայ այցելութեամբ կը գտնուի Քուէյթ:

 

Նորին Ս. Օծութիւնը հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր իր նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարգ՝ ձեռամբ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի:

 

Ս. Պատարագին ներկայ էին դեսպաններ, պաշտօնական հիւրեր, քուէյթահայ ազգայիններ, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

 

Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը իր Հայրապետական պատգամին մէջ իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց անգամ մը եւս Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի ժողովուրդին կողքին ըլլալուն համար։ Ան քուէյթահայութեան կեանքին անդրադառնալով՝ շեշտեց, թէ գաղութէն ներս դրական ու գօտեպնդիչ երեւոյթները նկատելի են, ապա բարձր գնահատեց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի աշխատանքն ու ժողովուրդին կողքին ըլլալու կարողութիւնը, որուն շնորհիւ հայր սուրբը կարճ ժամանակուան մէջ սիրելի դարձած էր գաղութի զաւակներուն։ Եւ որպէս գնահատանքի արտայայտութիւն, Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսական Փոխանորդին Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին եպիսկոպոսական խոյր կրելու իրաւունք շնորհեց։ Այս առիթով Հայրապետը նաեւ գնահատեց գաղութի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արտակ Աւ. Քհն. Քէհեաեանի երկարամեայ ծառայութիւնը քուէյթահայ գաղութի կեանքին մէջ, որ շարունակութիւնն է թեմի առաջին հոգեւոր հովիւ լուսահոգի Տ. Պարոյր Աւ. Քհն. Սարգիսեանի նուիրեալ ծառայութեան։

 

Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Հայաստանի եւ Յունաստանի դեսպանները՝ անդրադառնալով հայ եւ յոյն ժողովուրդներու պատմութեան խորերէն եկող եղբայրական յարաբերութիւններուն։

 

Ապա, Հայրապետը համապարփակ կերպով բացատրեց Քրիստոսի «Ես եմ ճամբան» (Յհ 14.6) խօսքը: Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով ճամբայ հասկացողութեան երկու հիմնական գաղափարները՝ յայտնեց, որ ճամբան մարդկային կեանքին մէջ կարելիութեանց խորհրդանիշ է: Քրիստոս ինքզինք ճամբայ հռչակեց, որովհետեւ առ Աստուած դառնալու կարելիութիւնը ընծայեց Աստուծմէ հեռացած մարդուն։ Իր պատգամին երկրորդ կէտին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս պարզեց, թէ ամէն ճամբայ ունի նպատակ: Մեր առօրեայ կեանքին մէջ մեր դիմաց կը բացուին զանազան ճամբաներ, որոնք մարդս անորոշութեան կ՚առաջնորդեն: Քրիստոս մարդուն այլազան ճամբաներ չյայտնեց, այլ՝ մէկ ու ճշմարիտ ճամբայ: Հետեւաբար, Քրիստոսի ճամբով ընթանալուն նպատակը մէկ է՝ հասնիլ յաւիտենական կեանքին, այլ խօսքով՝ փրկութեան։

 

Ս. Պատարագի աւարտին, հաւատացեալներ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը աջահամբոյրով ստացան։