Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. նորընտիր Պատրիարքը ընկերակցութեամբ եպիսկոպոսներու եւ պետական երեսփոխաններու պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հոգեւոր Տէրն ու իրեն ընկերացող շքախումբը Կաթողիկոսարանի Վեհարանին մուտքին դիմաւորուեցան Վեհափառ Հայրապետին եւ Միաբան Հայրերուն կողմէ, որոնք առաջնորդեցին Վեհափառ Հայրապետն ու Պատրիարքը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի աւագ խորան, ուր կատարուեցաւ…