ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ 1985 թուականին սկիզբ առած Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը 1993-ին փաստօրէն կանգ առած էր զանազան պատճառներու բերումով։ Յանձնաժողովի համա-ատենապետներու՝ Պիշոյ եւ Էմմանուէլ մետրոպոլիտներու առաջարկով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 12 Ապրիլ 2018-ին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։ Հանդիպումին ներկայ…