ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԹԱՓՕՐԻՆ
Կիրակի 9 Ապրիլ 2017-ին, Ծաղկազարդի տօնը արժանաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հազարաւոր մանուկներու, երիտասարդ-երիտասարդուհիներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ, որոնք եկեղեցական արարողութեամբ ու աւանդական թափօրով դիմաւորեցին Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան: Պատարագի սկիզբը մանուկներու աւանդական…