ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 11 Հոկտեմբերին, յիշատակն էր Հայ Եկեղեցւոյ ազգային մեծագոյն տօներէն` Թարգմանչաց Վարդապետներուն։ Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ Թարգմանիչ Վարդապետներուն առաքելութիւնը անկիւնադարձային երեւոյթ մը եղաւ, որով ան փոխեց մեր պատմութեան ընթացքը՝ մեզի պարգեւելով սեփական հայ գիր, հայադրոշմ մշակոյթ եւ ազգային ինքնութիւն։ Կիրակի, 12 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Անթիլիասի Վեհարանի…