Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԱՐ ԸԼ-ՖԱԹՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014 –ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի և Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Մուֆթիի կեդրոնը՝ Տար Ըլ-Ֆաթուա։

Այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել Հանրապետութեան նորընտիր Մուֆթի Շէյխ Ապտըլ Լաթիֆ Տերիանը։ Սիրալիր հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետն ու նորընտիր Մուֆթին քննարկեցին ընդհանրապէս շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած շարք մը հարցեր։ Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Լիբանանի ներքին անդորրութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերէն հեռու պահելով Լիբանանը: Հոգեւոր պետերը անհրաժեշտ նկատեցին Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կազմակերպելու առաջնահերթութիւնը։ Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին սփիւռքի գաղութներուն զօրակցելու Լիբանանին:

Հանրապետութեան Մուֆթին իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ հայ համայնքը Լիբանանի կարեւոր բաղկացուցիչ տարրերէն մէկն է եւ կենսական տեղ ունի Լիբանանէն ներս: Այս ծիրէն ներս Մուֆթի Տերիանը վեր առաւ Վեհափառ Հայրապետին դերակատարութիւնը Լիբանանէն ներս եւ միջազգային մակարդակի վրայ:

Վեհափառ Հայրապետն ու Հանրապետութեան Մուֆթին նաեւ ընդգծեցին քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան ամրապնդումն ու ծայրայեղական շարժումներէն հեռու մնալու անհրաժեշտութիւնը։