10 October, 2014

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պուրան: Դեսպանը եկած էր շնորհաւորելու Վեհափառ Հայրապետը Յունաստան իր կատարած յաջող այցելութեան վերադարձին:

 


Դեսպան Պուրան, Նորին Սրբութեան փոխանցեց Յունաստանի վարչապետին եւ Վեհափառ Հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած շինիչ հանդիպումին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու կրօնական ղեկավարութեան մեծապէս դրական տպաւորութիւնները:


Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր հերթին գոհունակութիւն յայտնեց եւ ընդհանուր գիծերով պարզեց իր այցելութեան կարեւոր երեսները: Ան յատկապէս շեշտեց երկու ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն դարաւոր բարեկամութիւնը ամրապնդելու եւ գործակցութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը:


Հանդիպումին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետն ու Յունաստանի դեսպանը լուրջ մտահոգութիւն յայտնեցին, շրջանէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերուն ինչպէս նաեւ, Թուրքիոյ ժխտական մօտեցումներուն ու քաղաքականութեան առնչութեամբ:

More News