Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 11 Հոկտեմբերին, յիշատակն էր Հայ Եկեղեցւոյ ազգային մեծագոյն տօներէն` Թարգմանչաց Վարդապետներուն։ Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ Թարգմանիչ Վարդապետներուն առաքելութիւնը անկիւնադարձային երեւոյթ մը եղաւ, որով ան փոխեց մեր պատմութեան ընթացքը՝ մեզի պարգեւելով սեփական հայ գիր, հայադրոշմ մշակոյթ եւ ազգային ինքնութիւն։
Կիրակի, 12 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Անթիլիասի Վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց Վարդապետներուն նուիրուած հանդիսութիւն մը։
Յայտագիրը սկսաւ Թարգմանչաց նուիրուած «Որք Զարդարեցին» եւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականներով։ Ապա, Դպրեվանքի 3-րդ Ընծայարանի Սարկաւագներէն` Բարշ. Յարութիւն Սրկ. Կիւլոյեան ուղերձ ընթերցեց։ Անդրադառնալով Թարգմանիչ Վարդապետներուն արժէքին, Սարկաւագը ըսաւ. «Անոնք սովորական մարդիկ չէին, այլ` հանճարներ, որոնք պատմութեան մէջ չապրեցան, այլ հայոց պատմութիւնը կերտեցին»։
Յայտագրի աւարտին, միաբանութեան, դպրեվանեցիներուն եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Վեհափառ Հայրապետը, իր խօսքի ընթացքին, Թարգմանչաց շարժումին այժմէական արժէքն ու դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելով՝ ըսաւ. «Մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, մենք մեր սուրբերը, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի պատմութեան առնչուած դէպքերը չենք նշեր՝ պարզապէս նշելու, ոչ ալ պարզապէս անցեալին նայելու համար։ Տօնակատարութեան ճամբով մենք պէտք է անցեալը փոխադրենք ներկային ու յատկապէս մեր անցեալի սուրբերուն ու դէպքերուն պատգամը պէտք է տանինք մեր ժողովուրդի կեանքին։ Հետեւաբար, այսօր ի՞նչ կ’ըսէ Թարգմանչաց սերունդը։ Ա) Հայ լեզուն պէտք է ամուր ու մաքուր պահել, որովհետեւ մեր լեզուն մեր ամրութեան, միութեան եւ գոյութեան խարիսխն է։ Բ) Մեր մշակութային արժէքները պէտք է վառ պահել մեր կեանքէն ներս»։
Ապա, իր խօսքը դպրեվանեցիներուն ուղղելով՝ Նորին Սրբութիւնը, ըսաւ. «Այսօր մենք պէտք է հաւատարիմ գտնուինք մեր անցեալի սրբազան արժէքներուն, որպէսզի վաղը, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, մենք դառնանք աշակերտներն ու առաքեալները այդ սրբազան արժէքներուն»։
Թարգմանչաց նուիրուած ձեռնարկը փակուեցաւ ՎեհափառՀայրապետին «Պահպանիչ»ով, որուն յաջորդեց «Կիլիկիա»ն ու Հայրապետական մաղթերգը: