Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն վերջերս լոյս տեսաւ «Հայկական Ցեղասպանութեան» 100-ամեակի մատենաշարին 7-րդ հատորը՝ «Պատմագիրք Կիւրինի» խորագրին տակ:
Կիւրինը ճանչցուած է իբրեւ պատմական Փոքր Հայքի գաւառ եւ գաւառակ Սեբաստիոյ նահանգին մէջ: 1915-ի ջարդերուն եւ տեղահանութեան ժամանակ ունեցած է շուրջ 15 հազար հայ բնակչութիւն:
Փոքր Հայքի պատկանող այս հնադարեան քաղաքը բախումներու, ձուլումի, մշակութային ու ընկերային յարաբերութիւններու, առեւտուրի, արհեստներու եւ արուեստներու զարգացման կարեւոր ու գործօն կայան եղած է փոխազդեցութեան:
1915-ի ցեղասպանութենէն արեւմտահայ հատուածին փրկուած մնացորդացը հազիւ ինքզինք վերագտած՝ սկսաւ գրի առնել պատմութիւնը հայ բնակչութենէն պարպուած կարեւոր շրջաններուն ու քաղաքներուն: Որովհետեւ կազմակերպուած զանգուածային ջարդերուն առընթեր, թուրք իշխանութիւնները հրահանգած էին նոյն վայրագութեամբ ջարդել նաեւ հնադարեան արուեստի կոթողներն ու մշակութային հարստութիւնները:
Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ գաւառներու եւ քաղաքներու հայրենակցական միութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդած տասնամեակներուն հրատարակած են իրենց շրջաններուն յուշամատեանները, ուր տեղ գտած են ո՛չ միայն իրենց հայրենի քաղաքներու պատմութիւնը, այլեւ անոնց ընկերային-մշակութային զանազան երեսակները ընդգրկող տուեալները: «Պատմագիրք Կիւրինի» հատորը յաջողեցաւ ընթերցողին փոխանցել այդ շունչն ու ոգին՝ ցեղասպանութենէն ազատած հայ տառապեալին հոգիին մէջ:
«Պատմագիրք Կիւրինի» հատորը տպագրուած է մեկենասութեամբ Յակոբ եւ Օհան Տէր Աբրահամեաններու: Ներկայ հրատարակութեան խմբագիրն է բանասէր, նախկին տնօրէն եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր՝ Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան։
Անթիլիասի տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին Վասպուրականի եւ Մարաշի յուշամատեանները: