8 December, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԷՅԽ ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ՊԸՆ ԶԱՅԷՏԻ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ էմիրութեանց նախագահ Շէյխ Մուհամմէտ Պըն Զայէտի հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպան Հասան Սաըտ, թեմի ազգայիններէն Արա Խանոյեան եւ Վարուժան Նարկիզեան։

Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու նախագահին միջեւ տեղի ունեցած մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նախ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ հաստատուած հայ համայնքին նկատմամբ պետութեան ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան ու անոր ընծայած լայն դիւրութիւններուն համար։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ 17 տարի առաջ, երբ ինք իր առաջին այցելութիւնն էր տուած Ապու Տապի, հանդիպում ունեցած էր անոր հօր՝ Շէյխ Զայէտի հետ եւ այդ առիթով, ընդառաջելով Վեհափառ Հայրապետին փափաքին, պետութիւնը հայ համայնքին հողաշերտ մը տրամադրած էր եկեղեցւոյ շինութեան համար։ Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, որ աւելի ուշ անոր մեծ եղբայրը, որուն ծանր հիւանդութեան բերումով փաստօրէն երկրին նախագահութիւնը կը վայելէ Շէյխ Մուհամմէտը, անհրաժեշտ դիւրութիւնները ընծայած էր եկեղեցւոյ շինութեան համար։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ յայտնեց, որ Շէյխ Մուհամմէտի իշխանութեան օրերուն եկեղեցւոյ շինարարութիւնը աւարտած ըլլալով՝ օծումը պիտի կատարէ յառաջիկայ Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2014-ին։

Շէյխ Մուհամմէտ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս առիթով, ինչպէս նաեւ իր պատրաստակամութիւնը` օգտակար ըլլալու հայ համայնքին։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետին եւ Շէյխ Մուհամմէտին միջեւ խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն, ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ միջ-կրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան նոր թափ տալու հրամայականին։

More News