Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանը ուրախութեամբ կ’ուզէ տեղեակ պահել մեր ժողովուրդի զաւակները թէ՝ Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած է Յարութիւն և Վերոնիք Կարեւորեան Մշակութային Հիմնադրամը՝ 725,000 (եօթը հարիւր քսանըհինգ հազար) ամերիկեան տոլարի դրամագլուխով։
Սոյն հիմնադրամը հաստատուեցաւ հանգուցեալ Տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի այրիին՝ Տիկին Վերոնիք Սիմոնէն-Կարեւորեանի կողմէ, խորհրդակցաբար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, ի յիշատակ իր ամուսնոյն։ Հիմնադրամին նպատակն է՝ հանգուցեալ Տոքթ. Կարեւորեանի փափաքով, օգտակար ըլլալ Լիբանանի հայութեան առնչուած կրթական ու մշակութային ծրագիրներու, որոնք կը նպաստեն հայկական ու ֆրանսական մշակոյթներու գործակցութեան ու զարգացման։ Հիմնադրամը պիտի գործէ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ կազմուած յանձնախումբի մը հսկողութեան ներքեւ։