Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՀՐԱՆԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Թեհրանի Ս. Սարգիս Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Ս. եւ Անմահ Պատարագին: Օրուան պատարագիչն էր Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան:

Յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը, թէ աշխարհ եկայ որպէսզի առաւել կեանք պարգեւեմ մարդուն (Յհ 10.10): Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց հաւատացեալներուն, թէ կեանքի աղբիւրը Աստուած է: Աստուած ամբողջ տիեզերքը ստեղծեց եւ որպէս իր ստեղծագործութեան պսակը՝ մարդը ստեղծեց: Հետեւաբար, կեանքը կը պատկանի Աստուծոյ: Մարդը սեփականատէրը չէ իր կեանքին: Մարդը կոչուած է իր կեանքը ապրելու Աստուծոյ համար: Քրիստոնէական այս հիմնական ուսուցումէն մեկնելով, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով պարզեց, թէ քրիստոնեայ մարդը ի՞նչ ձեւով պէտք է ապրի իր կեանքը՝ զայն արժեւորելով հոգեւոր ու բարոյական արժէքնրով ու սկզբունքներով:

Նոյն օրը երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Թեհրանի Սարդարապատ թաղամասի Ս. Վարդանանց եկեղեցին: Շրջանի հայորդիները ջերմօրէն ողջունեցին Նորին Սրբութեան Հովուապետական այցելութիւնը: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կանոնական աղօթք: Առաջնորդ Սրբազանին ողջոյնի խօսքէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական պատգամին մէջ անդրադառնալով հովիւ եւ հօտ յարաբերութեան ըսաւ, թէ հոգեւորականը առիթներ պէտք է ստեղծէ, որպէս հոգեւոր հովիւ իր ժողովուրդին հետ ըլլալու, որպէսզի իր ծառայութիւնը դառնայ աւելի արդիւնաւէտ: Ապա, ան շեշտեց քրիստոնէական ու ազգային աւանդութիւններուն ու արժէքներուն միշտ կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ սրահը, ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ հիւրասիրութիւն: