7 November, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ա.Մ. ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Իրան կատարած իր Հովուապետական այցելութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Տուպայի եւ Ապու Տապիի մէջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանին եւ թեմական պատասխանատուներուն հետ:

Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն տուաւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցին, որ շինարարական վերջին հանգրուանին հասած է: Ան գնահատեց գաղութի պատասխանատուները, որոնք կ’ընդլայնեն եկեղեցւոյ ծառայական դաշտը, հոգեւոր սնունդ ու ազգային շունչ մատակարարելով Ա.Մ. Էմիրութիւններու եւ Քաթարի զանազան քաղաքներուն մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Յայտնենք, որ 11-12 Դեկտեմբեր 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ, պիտի կատարուի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը:

More News