18 Հոկտեմբերի, 2014

Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ Աստուածաբանական Պաշտօնական Երկխօսութեան

14-16 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ղպտի Եկեղեցւոյ Ս. Մարկոս կեդրոնին մէջ, Գահիրէ-Եգիպտոս, գումարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբի երրորդ ժողովը:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ Հոգշ. Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Սարգսեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

Ժողովականներ քննարկեցին 2002-ին ստորագրուած քրիստոսաբանական համաձայնագիրը, որ կարգ մը սրբագրութիւններէ ետք, յանուն ժողովականութեան համա-ատենապետներուն կողմէ վերստին ստորագրուեցաւ եւ յղուեցաւ եկեղեցիներու պետերուն: Ժողովի ընթացքին նաեւ արծարծուեցաւ Ս. Հոգիի բխման վարդապետութիւնը եւ համաձայնագիրի մը նախագիծը պատրաստուեցաւ: Ապա, կազմուեցաւ յառաջիկայ ժողովին օրակարգը, որ տեղի պիտի ունենայ Ուէյլզի մէջ, 5-10 Հոկտեմբեր, 2015-ին:

Երեքշաբթի, 14 Հոկտեմբերին ժողովականները այցելեցին Միջին Արեւելքի եւ Երուսաղէմի Անկլիգաններու Մունիր Եպիսկոպոսին: Իսկ Յաջորդ օրը, 15 Հոկտեմբերին Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Ն.Ա. Թաւատրոս Պատրիարքին: Երկու հոգեւոր պետերը գնահատեցին ժողովական աշխատանքները եւ մտահոգութիւն յայտնեցին Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերուն:

Նշենք, որ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան փափաք յայտնեց, որ այլ ժողովական մը փոխարինէ իր համաքարտուղարի իր պաշտօնը: Ժողովականութիւնը Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու կողմէ համաքարտուղարի պաշտօնին ընտրեց Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանը:

More News