Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԸ

         Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն նախօրեակին կատարած ազգային ընկերային ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւններու այցելութիւնները շարունակելով, Երկուշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարանը, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ:               Վեհափառ Հայրապետը նախ տեսակցութիւն ունեցաւ Ազգ. Բուժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ պատասխանատու բժիշկներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց անոնց տարած…

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Կ’ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Նոր Տարուան գիշերը՝ Չորեքշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2014-ի կէս գիշերին, յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Իսկ Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի յաջորդ օր՝ Հինգշաբթի, Յունուար 1-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին։        Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ…