1 January, 2015

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ԶԻՆՈՒՈՐՆ Է ԵՂԱԾ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի, 1 Յունուար 2015-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ ժողովուրդը բացուող Նոր Տարուն առաւօտուն գոհաբանական ու երախտագիտական զգացումներով իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած:

 

Եկեղեցական արարողութեաց աւարտին, ներկաները ուղղուեցան վեհարանի դահլիճը, լսելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը: Յանուն ներկայ ժողովուրդին եւ միաբանութեան, Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեան ուղերձ ընթերցեց:

 

Նոր Տարուան բարեմաղթութիւնները փոխանցելէ ետք, Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով վերանորոգուելու հրամայականին, ըսաւ. «Նոր Տարին իր հետ կը բերէ վերանորոգուելու հաւատքը, յոյսը եւ վճռակամութիւնը: Մարդկային կեանքը կը ճահճանայ երբ հոսող ջուրին նման չվերանորոգուի: Հետեւաբար, այսօր մեր ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, հրամայական կարիքը ունի ինքզինք վերանորոգելու, որպէս անհատ, կազմակերպութիւն, գաղութ, ազգ, եկեղեցի եւ հայրենիք: Կո՛չ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն դառնալու Քրիստոսի, որպէսզի վերանորոգենք մեր անձերը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով, մեր մէջ վերականգնենք այն մարդը, որուն Աստուած ստեղծեց եւ ուզեց, որ իր հարազատ կոչումը իրագործէ այս երկրին վրայ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ ու համարատուութեամբ»: Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ ազգային ինքնութիւնը ամպրապնդելու հրամայականին մասին, յիշեցնելով, որ պէտք է կառչած մնանք մեր արմատներուն, յատկապէս ինքնութիւն աղարտող եւ արմատ բճացնող համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ:

 

Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց գործնապէս արժեւորելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշող 2015 թուականը: «Ցեղասպան թուրքը ջարդեց մեր ժողովուրդին մէկուկէս միլիոն զաւակները, մեր հոգեմտաւոր արժէքները թալանուեցան, քանդուեցան ու կործանեցան: Մեր ազգապատկան, եկեղեցապատկան եւ անհատական կալուածները կողոպտուեցան ու բռնագրաւուեցան: Այս կացութեան դիմաց, ո՞ր հայը կրնայ պահանջատէր չդառնալ իր մարդկային ու ազգային իրաւունքներուն: 2015 տարին, մեր ժողովուրդին համար պիտի հանդիսանայ պահանջատիրութեան տարի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին յառաջապահ զինուորն է եղած եւ այսօր վերանորոգ հաւատքով ու գիտակից յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր պահանջատիրութեան պայքարը, այնքան ատեն, որ տակաւին մեր ժողովուրդին իրաւունքները բռնաբարուած կը մնան ցեղասպան թուրքին կողմէ»:

 

Նոր Տարուան պատգամէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը «պահպանիչ»ով օրհնեց ժողովուրդը: Ապա, երգուեցան «Կիլիկիա»ն եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը: Աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հայրապետական օրհնութիւն եւ բարեմաղթութիւններ կատարեցին իրենց հովուապետին:

More News