Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍ
Շուրջ մէկ ամսուան բացակայութիւնէն ետք, Շաբաթ երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերադարձաւ Անթիլիաս։ Անցնող շաբաթներուն Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Պարսկաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Զուիցերիա և Հայաստան։ Պարսկաստանի մէջ շուրջ երկու շաբաթ Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութիւններ տուաւ Թեհրանի և Իսֆահանի թեմերուն։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ թեմի պատասխանատու մարմիններուն հետ ու…