13 Նոյեմբեր 2014-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընթացող Եպիսկոպոսաց ժողովը, առաջին նիստի ընթացքին մասնաւոր անդրադարձ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին մօտ ազրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ ԼՂ պաշտպանութեան բանակի օդուժի ուղղաթիռի ռմբահարումի միջադէպին՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած այս թշնամական գործողութիւնները։
Եպիսկոպոսաց դասը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, ռմբահարուած ուղղաթիռի անձնակազմի զոհուած անդամներ մայոր Սերկէյ Սահակեանի, աւագ լէյտենանտ Սարգիս Նազարեանի եւ լէյտենանտ Ազատ Սահակեանի հոգիներուն հանգստութեան համար եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհուած հայորդիներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն:
Ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան առջեւ Եպիսկոպոսաց ժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահներուն՝ հայցելով Տիրոջ խաղաղութիւնը հայրենի մեր երկրին ու ժողովուրդին:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը յանձնարարեցին եպիսկոպոսներուն, եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններ կատարել զոհուած օդաչուներու հոգիներուն համար: Նաեւ յանձնարարուեցաւ պետական եւ միջազգային լիազօր բոլոր ատեաններուն մօտ աշխատանք տանիլ՝ կանխարգիլելու Ազրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը խաթարող ռազմատենչ գործողութիւնները եւ չէզոքացնելու պատերազմի վերսկսման վտանգը: