Ապու Տապիի հայ համայնքին տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ունեցած հանդիպումներու շարքին, յատուկ կարեւորութեամբ անհրաժեշտ է յիշել շրջանի երիտասարդութեան հետ ունեցած տեսակցութիւնը։
Արդարեւ, շուրջ 75 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հետ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, առիթ մը հանդիսացաւ Նորին Սրբութեան լսելու երիտասարդներուն մտահոգութիւնները, մտածումներն ու առաջադրանքները եւ իր հայրական թելադրութիւնները կատարելու անոնց։ Իր խօսքի ներածական բաժինին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ ներկայ ընկերութիւնը դիմագրաւող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ անոնց ունեցած հետեւանքներուն հայ կեանքէն ներս։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը հարցադրում կատարեց ըսելով, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ այսօր, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է մեր ինքնութիւնը պահել ու միաժամանակ մաս կազմել մեր ապրած ընկերութեան, այս ուղղութեամբ ի՞նչ է դերը Հայաստանին, Եկեղեցւոյ ու մշակոյթին։ Յիշեալ հարցերուն գծով իր վերլուծումը կատարելէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը երկխօսութիւն ունեցաւ երիտասարդութեան հետ ու պատասխանեց անոնց հարցումներուն։
Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի Ապու Տապիի անդամներուն ու Ազգային Վարչութեան հետ, ներկայութեամբ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդին ու Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ Տիար Հրայր Սողոմոնեանին։ Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Թեմի վերջին շրջանին կատարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն՝ կանոնագրային, վարչական, տնտեսական, կրթական եւ այլ մարզերէն ներս։
Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ նաեւ Քաթարի Ազգային Վարչութեան հետ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին ներկայութեան: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Հայր Մեսրոպին յաճախակի այցելութիւնները Քաթար եւ անոր ունեցած յարաբերութիւնները պետական շրջանակներուն ու յատկապէս Արտաքին Գործոց նախարարին հետ։ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Ազգային Վարչութեան, որ լծուած է Քաթարի հայ գաղութի կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ կարեւորութեամբ շեշտեց Քաթարի մէջ եկեղեցի ու համայնքային կեդրոն ունենալու հրամայականը։ Նոյնպէս Արամ Ա. Կաթողիկոս Տուպայի ու Շարժայի Ազգային Վարչութեան ուշադրութեան յաձնած էր Տուպայի մէջ համայնքային կեդրոն մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը։