Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Ղարաբաղի ճակատին զոհուած երեք նահատակ օդաչուներու ընտանիքներուն և իր զօրակցութիւնը՝ հայոց բանակին։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ  ՎԱՏԻԿԱՆ Բ.-Ի «ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՎԱՒԵՐԱԳԻՐ»Ի 50-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԻՆ

20-21 Նոյեմբեր 2014-ին, Վատիկանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց բաժանմունքը, Գրիգորեան Համալսարանին մէջ, կազմակերպեց միջազգային համագումար մը, յետադարձ ակնարկ մը նետելու անցնող յիսուն տարիներու ընթացքին Վատիկան Բ.-ի «Միջ-եկեղեցական Վաւերագիր»ին թողած ազդեցութեան: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ Տիկ. Թենի Բիրրի-Սիմոնեանը ներկայացնելու ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցական ընտանիքին տեսակէտը: Տիկ. Բիրրի-Սիմոնեան անցեալին վարած է Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ…