Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց Նոր Ջուղա, ուր Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային խանդավառ ընդունելութիւն: Իրանի թեմակալ երեք առաջնորդները, հոգեւորականաց դասը, թեմական խորհուրդի անդամները, զանազան միութիւններու եւ մարմիններու պատասխանատուներն ու Սպահանի հայ ժողովուրդը միասնաբար թափօր կազմած առաջնորդեցին Վեհափառ Հայրապետը Ս. Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցին Կանոնական աղօթքի համար: Աղօթքէն ետք, դարձեալ թափօրով ուղղուեցան դէպի Ապրիլեան Նահատակաց յուշարձան, ուր ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք խօսք առաւ Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան: Սրբազանը իր բարի գալուստի խօսքին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին անսպառ ծառայութեան Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ ազգին: Ան լուսարձակի տակ առաւ, յատկապէս վերջին ամիսներուն, Նորին Սրբութեան կատարած աշխատանքները թէ՛ Հայ Դատի եւ թէ՛ Միջին Արեւելքէն ներս Քրիստոնէական ներկայութեան գծով:

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամին մէջ առաջին հերթին գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանն ու թեմական իշխանութիւնները: Ապա, ողջունեց եւ գոհունակութիւնը յայտնեց Սպահանի հայ գաղութին Հայ Եկեղեցւոյ ու մանաւանդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրենց կապուածութեան համար: Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, շեշտեց Հայաստանի մէջ իր կատարած հրապարակային յայտարարութեան կարեւորութիւնը, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական ու Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարաններուն դիմելով դատ պիտի բանայ Թուրքիոյ դէմ, պահանջելով իր պատմական կեդրոնին՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը: Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, թէ նման վճռորոշ քայլ մը անկիւնադարձային դէպք մը պիտի ըլլայ մեր պատմութեան մէջ, երբ առաջին անգամ ըլլալով հայ ժողովուրդը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով եւ օրինական կերպով իր եկեղեցապատկան կալուածները պիտի պահանջէ Թուրքիայէն:

Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն ետք, Ս. Ամենափրկիչ վանքի թանգարանին առջեւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Նոյն երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ երեք առաջնորդ սրբազաններուն, ընթրիքի հիւրը եղաւ Ազգային Իշխանութեան: