«ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՀԱՅՈՑ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՃԱՄԲՈՎ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ ԵՂԱՒ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Երեքշաբթի, 6 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն նշուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը, աշխարհով մէկ տարածուած հայ եկեղեցիներէն ներս: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Հոծ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդի կողքին, Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին պետական այրեր եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Խորհրդարանի նախագահ Ն.Վ. Նեպիհ Պրրին կը ներկայացնէր՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Մեր Տիրոջ Յիսուսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք, Նորին Սրբութիւնը իր Հայրապետական պատգամը տուաւ:
Խօսելով Քրիստոսի ծնունդին մասին, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց թէ՝ «Մարդուն հետ ըլլալու, մարդուն առջեւ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ ճանապարհը բանալու Աստուծոյ յանձնառութիւնը իր գերագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ Բեթղեհէմի մէջ։ Աստուած ո՛չ միայն մարդուն հետ եղաւ, այլ նաեւ մարդուն համար։ Իր ուսուցումներուն ու հրաշարգործութիւններուն ճամբով Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին յիշեցուց մեղաւորին ու հիւանդին, զրկեալ ու հալածուող մարդուն, թէ՝ մի՛ վախնար, այլ հաւատա՛, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է։ Քրիստոսի Աւետարանին քարոզիչները յաճախակի կերպով յիշեցուցին կեանքի մաքառումներուն ու տագնապներուն դէմ գտնուող Քրիստոսի հետեւորդներուն թէ՝ “եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ” (Հռոմ. 8.31)»։
Շարունակելով իր պատգամը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ինչպէս անցեալին, մեր պատմութեան ամէնէն դաժան օրերուն, այսօր եւս մեր եկեղեցին կը յիշեցնէ իր ժողովուրդին Առաքեալի յուսադրիչ վկայութիւնը։ Արդ, մի՛ վախնար, ժողովուրդ հայոց, Աստուած մեզի հետ է։ Գիտե՛նք, մեր ժողովուրդին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները Հայաստանի մէջ։ Գիտե՛նք, Ղարաբաղի պաշտպանութեան համար իրենց արիւնը թափելու պատրաստ մեր բանակին զոհողութիւնը։ Գիտե՛նք, Սուրիոյ հայութեան ապրած տագնապալից կեանքը։ Կեանքի այս տագնապները հաւատքով ու յոյսով հարկ է դիմագրաւել, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է»։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ու պատգամեց՝ «2015 թուականը հայ ժողովուրդին համար տարբեր իմաստ ունի։ 100 տարիներ առաջ Օսմանեան թուրք պետութիւնը ցեղասպանութիւն մը կազմակերպեց հայ ժողովուրդին դէմ նպատակ ունենալով բնաջնջել հայ ժողովուրդը։ Ներկայ Թուրքիան կրնայ ուրանալ իր պապերուն կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւնը. սակայն կարելի չէ պատմութիւնը նենգափոխել։ Հայ ժողովուրդը թշնամի չունի, սակայն հայ ժողովուրդը արդար դատ մը ունի։ Ներկայ Թուրքիան շարունակութիւնն է Օսմանեան Թուրքիոյ եւ հետեւաբար, պէտք է ընդունի իր նախորդներուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը։ Ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ, միջազգային օրէնքին համաձայն։ Թուրքիան իր շարունակուող ուրացումի քաղաքականութեամբ չի կրնար անտեսել հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը։ 100 տարի յիշեցինք, յիշեցուցինք ու պահանջեցինք։ Վերանորոգ հաւատքով պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ յանուն արդարութեան»։
Իր պատգամի վերջին բաժնին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան ու ըսաւ. «Բեթղեհէմը Պաղեստինի մէջ կը գտնուի. հետեւաբար քրիստոնէութիւնը իր արմատները ունի Միջին Արեւելքէն ներս։ Հակառակ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած ահաւոր դժուարութիւններուն, անոնք վճռած են մնալ Միջին Արեւելքէն ներս։ Ինչպէս մեր քոյր համայնքները, այնպէս ալ հայ համայնքը Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ ենթարկուեցաւ լուրջ վտանգներու։ Սակայն մեր եկեղեցւոյ զաւակները կառչած կը մնան արաբական հայրենիքին գիտակից՝ իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, կ’ողջունենք Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամուր պահպանումը եւ շրջանի տագնապներէն հեռու մնալու Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներուն առողջ քաղաքականութիւնը։ Այս բոլորի կողքին սակայն, հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կը նկատենք անյետաձգելի հրամայական։ Ինչ ալ ըլլան նախագահական ընտրութեան առնչուած դժուարութիւնները, ընդունելի չէ որ Լիբանանը անորոշութեան մատնուի եւ չունենայ նախագահ։ Հետեւաբար, կոչ կ’ուղղենք բոլոր պատասխանատուներուն ու Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան առնչուած բոլոր կողմերուն պատասխանատուութեան խոր զգացումով ու կարելի փութով լծուելու նոր նախագահի ընտրութեան»։
Աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Սերժ Սարգիսեանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի ու Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Նորին Սրբութիւնը Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւններ ընդունեց:
Յայտնենք, որ Ս. Ծննդեան Պատարագը, լիբանանեան զանազան արբանեակային պատկերասփիւռի կայաններու ճամբով, ուղղակի սփռուեացաւ աշխարհի բոլոր կողմերը: