ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ 85-ԱՄԵԱՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ 85-ԱՄԵԱՅ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՈՒՆԿՆԴԻՐ
Հայեացքդ կանգ կ’առնէ անցեալի սեւաշուք ստուերներէն մերկացած քարերուն սպիտակ փսփսուքներուն վրայ, կ’անսաս «Խորհէ՛ եւ մտիր» քաղցր հրաւէրին, կը փորձես որսալ ներքին լոյսը հասարակ քարին տասնամեակներ շարունակ շունչ, ոգի եւ թռիչք պարգեւած խորհուրդին, վերանալ ու նոյնանալ այս քարեղէն շարականին կշռոյթներէն անհունացած հայուն հաւատքին արշալոյսին հետ եւ, ո՜վ զարմանք զարմանալի, յանկարծ կ’անդրադառնաս, որ Դպրեվանքը ժուժկալ ու ներամփոփ,…