Սուրբ Էջմիածինի մէջ նոյեմբերի 11-13 2014-ին գումարուող Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի մասնակիցները Երկուշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2014-ին, առաջնորդութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը:
Վեհափառ Հայրապետները ծաղկեպսակներ զետեղեցին եւ ապա, անմար կրակին առջեւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Ապա, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պատասխանեց Եպիսկոպոսաց Ժողովին մասին թղթակիցներուն ուղղած հարցումներուն: Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին ընդգծեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը վճռական անկիւնադարձ պիտի դառնայ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ: «Հարիւր տարիներ մենք յիշեցինք ու յիշեցուցինք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին. ժամանակն է, որ պահանջատիրութեան նոր ուժականութիւն եւ գունաւորում տանք: Անցնող ամիսներուն յաճախակիօրէն այս կէտը ես շեշտեցի: Հարիւրամեայ տարելիցին առիթով բաւարար չէ ձեռնարկներ կազմակերպել, յիշել մեր նահատակները: Այդ բոլորը կարեւոր են, անկասկած, բայց ես կը կարծեմ, որ երկու կարեւոր իրադարձութիւններ պէտք է ըլլան 100-ամեայ տարելիցին առիթով», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ան նշեց, որ առաջին քայլը պէտք է ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումը, որ եւ յանձն առած է Հայ Առաքելական եկեղեցին: «Փաստօրէն մեր նահատակները մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սրբադասուած են: Մեր ժողովուրդը այդ զոհերը կ’ընդունի իբրեւ նահատակներ հաւատքի ու հայրենիքի համար, եւ մեր եկեղեցին ժողովուրդին կողմէ արդէն սրբադասուած նահատակները կը ցանկայ կանոնական մօտեցումով սրբադասել: Երկրորդը, ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող արտայայտութիւնները, հանդիսութիւնները, ձեռնարկները պէտք է կարեւորութեամբ շեշտեն մեր ժողովուրդին պահանջատիրական կեցուածքը: Մենք պահանջատէր ենք, մենք միայն պէտք չէ յիշենք մեր նահատակները, այլ նաեւ պէտք է բարձրացնենք մեր իրաւունքներու վերականգնման հարցը», նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ինչ կը վերաբերի Սիսի կաթողիկոսութիւնը վերադարձնելու հարցին, ապա Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են: «Պէտք է կարեւորութեամբ նշել, որ իրաւական դաշտը այնքան ալ դիւրին չէ, սակայն պէտք է հաւաքական ճիգ գործադրենք այս ուղղութեամբ: Միջազգային օրէնքները ի՞նչ կարելիութիւններ որ ընծայեն, այդ բոլորը պէտք է քով-քովի բերել, ներդաշնակել եւ տեսնել, թէ ի՞նչ գործողութիւններ կրնանք ընել, որ մեր եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածները վերադարձնենք մեր ժողովուրդին եւ եկեղեցիին», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս: