21 October, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՈՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԴԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՇԵՇՏՈՒԵՑԱՒ

Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ առաջնորդ սրբազաններուն եւ թեմի թեմական ու պատգամաւորական ժողովներու ներկայացուցիչներուն՝ այլցելեց Նոր Ջուղայի Ազգային Կրթահամալիրը:

«Հայ դպրոցը իր հայակերտումի առաքելութեամբ միշտ կը մնայ առանցքը մեր ինքնութեան ու հզօրութեան», շեշտեց Վեհափառ Հայապետը, Նոր Ջուղայի ազգային միացեալ վարժարաններու աշակերտութեան ուղղելով իր խօսքը: Շուրջ ժամ մը տեւողութեամբ, հայ վարժարաններու աշակերտները իրենց երգերով ու ասմունքներով խանդավառ մթտնոլորտ մը ստեղծեցին դպրոցի շրջափակէն ներս, ի յարգանս Նորին Սրբութեան օրհնաբեր այցելութեան: Յաջորդաբար խօսք առին Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետն ու Առաջնորդ Սրբազանը: Իր օրհնութեան խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցնելով հայ դպրոցին վիճակուած առաքելութիւնը յատկապէս Սփիւռքի ապահայացնող պայմաններուն, ըսաւ. «Հայ դպրոցի ճամբով մենք ոչ միայն գիտելիք կ’ամբարենք, այլ նաեւ կը բացուինք մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու ձգտումներուն: Հայ աշակերտը հայօրէն կը կազմաւորուի: Ահա թէ ինչու դաստիարակիչ դեր ունի հայ դպրոցը: Այս նախանձախնդրութեամբ մենք պէտք է մօտենանք հայ դպրոցին՝ աշակերտ, ծնողք, ուսուցիչ թէ հոգաբարձու: Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ ջարդերէն յետոյ եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոցը դարձաւ մեր գոյութեան ամրոցը: Հետեւաբար ամէն զոհողութիւն պէտք է կատարել հայ դպրոցը պահելու համար ու կենսունակ իր առաքելութեամբ»: Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն ու կրթական մարմինին, հայ դպրոցին գծով իրենց կատարած անխոնջ աշխատանքներուն համար:

Ապա, Վեհափառ Հայրեպետը իրեն ընկերացող սրբազաններուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Ամենափրկիչ վանք, ուր բացումը տեղի ունեցաւ վանքի վերանորոգուած ու վերադասաւորուած մատենադարանին:

Մատենադարանի մուտքին Թեմական Խորհուրդի անունով Տիկ. Գարօլին Թիլանջեան խօսք առնելով ողջունեց Վեհափառ Հայապետին ներկայութիւնը եւ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց մատենադարանին նորոգման նիւթապէս սատարած հանգուցեալ Օրդ. Արենուշ Տէրեանին:

Այս առիթով ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրահպետը ըսաւ. «Հայ մատենադարանը սովորական վայր չէ ու պէտք չէ դառնայ մեզի համար, որովհետեւ ան մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւնը պարունակող սրբազան վայր է: Երկիւղածութեամբ ու խոնարհութեամբ պէտք է մօտենալ հայ գիրքին: Պատմութեան ընթացքին ծով զոհողութեամբ մեր պապերը գիրք գրեցին, գիրք պահեցին ու պաշտպանեցին: Գիրքին ճամբով մեր քրիստոնէական հաւատքը, մեր հոգեմտաւոր արժէքները, մեր աւանութիւնները, սրբութիւններն ու ձգտումները կենսագործուեցան մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ հայ գիրքը: Այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենալ հայ գրքին»: Շարունակելով իր խօսքը Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Խորապէս մտահոգիչ է հայ գիրքի նահանջը մեր կեանքէն ներս: Սկսած է հայ գիրք գրողներուն, գնողներու ու ընթերցողներու թիւը պակսիլ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, որքան ալ ճարտարարուեստի ներկայ միջոցները լայն դիւրութիւններ ընծայեն գիրքի բովանդակութիւնը աւելի մատչելի դարձնելու իմաստով, գիրքը տարբեր իմաստ ու արժէք ունի միշտ»:

Իր Հայրպետական պատգամի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս կոչ ուղղեց, որ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի մատենադարանը, ինչպէս մեր հաւաքական կեանքին մէջ բոլոր մատենադարանները, պէտք է միշտ բաց մնան մեր ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է յաճախակիօրէն այցելեն այնտեղ, վերանորոգուելու հայ գրքէն եկող արժէքներով:

More News