«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ԶԻՆՈՒՈՐՆ Է ԵՂԱԾ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Հինգշաբթի, 1 Յունուար 2015-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ ժողովուրդը բացուող Նոր Տարուն առաւօտուն գոհաբանական ու երախտագիտական զգացումներով իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած: Եկեղեցական արարողութեաց աւարտին, ներկաները ուղղուեցան վեհարանի դահլիճը, լսելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը: Յանուն ներկայ ժողովուրդին եւ միաբանութեան, Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ.…