ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի աշխատասիրութեամբ, Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տպարանէն լոյս տեսաւ «Ծիսական Գիտելիքներ» խորագիրով եկեղեցական պաշտամունքի եւ ծիսակատարութեանց բացատրողական կրօնական բառարան:

Ծէսն ու ծիսակատարութիւնը զԱստուած պաշտելու հիմնական այն միջոցներէն են, որ հաւատացեալը ներհայեցողական խորասուզումով՝ աղօթքով, երգեցողութեամբ, մոմավառութեամբ եւ խնկարկութեամբ ինքզինք դէմ հանդիման կը գտնէ Աստուծոյ, եւ իր ներքին զգացումները սրտաբուխ խնդրանքներով եւ աղերսանքներով ճոխացուած՝ երկինք կը վերառաքէ՝ Աստուծոյ կ’ընծայէ:

Այս հատորը կը բաղկանայ հինգ մասերէ.

Առաջինը՝ Ծիսական բառարանն է, որ կ’ընդգրկէ հայ ծէսին ու ծիսակատարութեան անմիջապէս առնչուող բառերու բացատրութիւնը:

Երկրորդը՝ Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի բացատրութիւնն է:

Երրորդը՝ Տէրունի եւ Աստուածածինի նուիրուած տօներն են:

Չորրորդը՝ ծիսական եւ կանոնական արարողութիւններն են:

Հինգերորդը՝ տօնախմբութիւննները, աւանդութիւններն ու ծիսական տնօրինումներն են:

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Տիկ. Անահիտ Մարգարեան, ի յիշատակ՝ իր նահատակ եղբօր Վարդգէս Տէր Կարապետեանի:

Այս գիրքի պատրաստութեան, որպէս ուղեցոյց որդեգրուած է Օրմանեան Պատրիարքի «Ծիսական Բառարանը»: Իսկ գիրքին հիմնական նպատակը եղած է եւս առաւել ծանօթացնել մեր հաւատացեալներուն, եւ յատկապէս նոր սերունդին, եկեղեցւոյ ներքին կառոյցը որպէս ծէս եւ ծիսակատարութիւն, եւ հայ հոգիին մէջ քանդակել Հայ Եկեղեցւոյ շքեղ կառոյցը: