Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ ՈՐՊԷՍ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՍԱԽՕՍ
Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած է որպէս գլխաւոր դասախօս իր մասնակցութիւնը բերելու հետեւեալ միջազգային համագումարներուն.- • «Աշխարհ Մը Առանց Պատի — Խաղաղութեան Հաստատումը Համաշխարհային Անապահովութեան ժամանակաշրջանի Մը Մէջ», կազմակերպութեամբ՝ Մշակութային Դիւանագիտութեան Հիմնարկի (Institute for Cultural Diplomacy) Պեռլինի մէջ, Գերմանիա, 7-10 Նոյեմբեր 2014-ին։ • «Հարցեր եւ Մօտեցումներ Հայոց Ցեղասպանութեան Պահանջատիրութեան Առնչուած», կազմակերպութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային…