Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի սրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին զոհուած իրանահայ նահատակներու ընտանիքներուն հետ:
Խօսք առնելով Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, լայնօրէն անդրադարձաւ, թէ ի՞նչ պայմաններու տակ, իրանեան բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորները պաշտպանելով իրանեան հայրենիքը, զոհուեցան պատերազմի դաշտին վրայ: Ան նաեւ բացատրութիւններ տուաւ, թէ պետութիւնն ու Ազգային Առաջնորդարանի իշխանութիւնը ի՞նչ ձեւերով փորձած են օգտակար հանդիսանալ նահատակներու ընտանիքներուն: Յաջորդաբար խօսք առին ներկաներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ նոյն պատերազմին մասնակցած, գերի բռնուած կամ վիրաւորուած հայ զինուորները:
Աւելի քան ժամ մը տեւող այս հանդիպման ընթացքին, Արամ Ա. Կաթողիկոս լսելէ ետք կատարուած արտայայտութիւնները, նախ իր գնահատանքը յայտնեց, որ հայ զինուորներ, որպէս Իրանի քաղաքացիներ իրենց արիւնն են թափած իրանեան հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր: Ան ըսաւ. «Նահատակ է ան, որ հայրենիքին պաշտպանութեան համար իր արիւնը կը թափէ»: Նորին Սրբութիւնը նաեւ գնահատեց, որ նահատակներուն ընտանիքները երբեք չեն մոռցած իրենց սիրելիները եւ անոնց յիշատակը միշտ վառ կը պահեն իրենց կեանքին մէջ: Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանին ու թեմական իշխանութեան ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնն ու հոգածութիւնը նահատակներու ընտանիքներուն գծով: