ԻՐԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՄԸ ՍԱՐՔԵՑ Ի ՊԱՏԻՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2014-ին, Իրանի մօտ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Էլ Հաժ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Իրանի թեմակալ երեք առաջնորդները, թեմականները, Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչները, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուները եւ այլ քաղաքական ու պետական դէմքեր: Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առնելով Լիբանանի դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը Իրան: Ան յատուկ գնահատանքով արտայայտուեցաւ լիբանանահայութեան քաղաքական դերակատարութեան եւ Լիբանանի բարգաւաճման բերած իր դրական մասնակցութեան մասին: Ան նաեւ ընդգծեց կարեւորութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապերուն:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ Լիբանանը նկատեց, Հայոց Ցեղասպանութենէն յետոյ, հայ ժողովուրդի վերածննդեան աղբիւրը: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, Լիբանանի հայութիւնը ո՛չ միայն իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցաւ Լիբանանի վերաշինութեան ու բարգաւաճման աշխատանքներուն, այլ նաեւ իր հոգեւորական թէ աշխարհական ղեկավարներուն ճամբով դարձաւ Լիբանանի դեսպանը աշխարհի չորս ծագերուն: Անդրադառնալով Լիբանանի ներքին քաղաքական կացութեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ «Լիբանանահայութիւնը «Մարտ 8-ի կամ Մարտ 14-ի քաղաքական ուղղութիւններէն վեր է ու միշտ կառչած կը մնայ Լիբանանի գերագոյն շահերուն»:

 

Յայտնենք, որ նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանի եւ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի, այցելեց Մարի Մանուկեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարանները ու իր հայրական խօսքը ուղղեց աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին: