Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՊԱՀԱՆ ՆԱՀԱՆԳԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ, պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, Վեհափառ Հայրապետին միասնաբար այցելեցին Սպահանի նահանգապետը, փոխ նահանգապետը, կրօնապետը, ընդհանուր ապահովութեան պատասխանատուն, զօրավարն ու այլ պետական երեւելի դէմքեր, որոնք Վեհափառ Հայրապետին ճաշի հիւրերը եղան: Անոնք ջերմօրէն ողջունեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելութիւնը Սպահան եւ Վեհափառ Հայրապետին անձին ճամբով իրենց գնահատանքը յայտնեցին Սպահանի հայութեան: Նահանգապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ եղող գործակցութեան կապերը, որուն իր մեծ նպաստը կը բերէ Վեհափառ Հայրապետը: Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանն ու Թեմական Խորհուրդի անդամները:

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելէ ետք անոնց այցելութիւնը մեծապէս գնահատեց Սպահանի հայութեան եւ նահանգապետութեան միջեւ եղող գործակցութիւնը: Ան շեշտեց այդ գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը` յիշեցնելով Սպահանի հայութեան բերած նպաստը Իրանի մշակոյթի առաւել ծաղկման:

Հանդիպման ընթացքին զանազան նիւթեր արծարուեցան: Քննարկումի յատուկ առարկայ դաձան Միջին Արեւելքի ներկայ անցուդարձերը:

Նոյն օրը առաւօտուն, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը: Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական պատգամի ընթացքին նախ ողջունեց Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգային Իշխանութիւնը եւ ապա հաւատացեալ ժողովուրդին յիշեցուց, թէ Աստուած Քրիստոսի ճամբով մեզի հետ եղաւ, երբ մարդը տակաւին անհնազանդութեան ընթացքին մէջ կը գտնուէր: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. Աստուած Քրիստոսի ճամբով մեզի հետ եղաւ, մենք, այսօր արդեօ՞ք Քրիստոսի հետ ենք հարցադրումէն մեկնելով կարեւորութեամբ շեշտեց կեանքի ընթացքին Աստուծոյ հետ ըլլալու, աստուածային պատուէրները կատարելու հրամայականը:
Պատարագէն անմիջպէս ետք Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Նոր Ջուղայի ծերանոցը, ուր իր հայրական խօսքը ուղղեց ծերանոցին մէջ պատսպարուող ծերունիներուն:

Երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը նախագահեց Սպահանի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական Ժողովին: Ներկայ էին նաեւ թեմակալ երկու առաջնորդները: Ժողովի ընթացքին Թեմական Խորհուրդի ատենապետը զեկուցեց թեմի գործունէութեան ու ապագայ աշխատանքներուն մասին: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին, յատկապէս ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ այդ ծիրէն ներս, լայն բացատրութիւն տուաւ ժողովականներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բանալիք դատին գծով: