ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՐԿՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

24-25 Նոյեմբեր 2014-ին, Աթէնքի մէջ, Տիեզերական Պատրիարքութեան հիւրընկալութեամբ, տեղի ունեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու երկու ընտանիքներուն՝ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Ոչ-քաղկեդոնական Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան ժողովը:

Յունաստանի հիւսիսային Գոմոթինի քաղաքին մէջ, Ն.Ս. Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին միջեւ պատմական հանդիպումին ընթացքին, 23 Սեպտեմբեր 2014-ին, երկու հոգեւոր պետերը շեշտեցին շուրջ երեք տասնամեակներ սկսած աստուածաբանական երկխօսութեան վերաշխուժացումը Ուղղափառ Եկեղեցիներու երկու ընտանիքներուն միջեւ:

Սոյն ժողովը, որուն Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ՝ յանուն Ս. Էջմիածինի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան՝ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ խորհրդակցական ձայնով Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, նպատակ ունէր քննարկել 1990-ին որդեգրուած քրիստոսաբանական համաձայնագրին վրաբերող կարգ մը առկայ հարցերը, զեկոյցներ տալ վերջին քսան տարիներու ընթացքին տարուած աշխատանքներուն մասին եւ պատրաստել երկխօսութեան յանձնախումբի յառաջիկայ ժողովին օրակարգը:

Նիստերու աւարտին, ժողովը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, որուն մէջ շեշտեց երկխօսութեան յանձնախումբին եւ ենթայանձնախումբերու աշխատանքներուն շարունակութեան կարեւորութիւնը՝ լուսաբանելու կարգ մը եկեղեցիներու կողմէ ներկայացուած հարցերը: Ժողովը մտահոգութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքէն ներս տիրող ներկայ վիճակին եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին միջնորդութիւն կատարելու Հալէպի երկու առեւանգուած եպիսկոպոսներուն ազատ արձակման: Ժողովը յայտնեց, թէ այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է ամրապնդել Ուղղափառ Եկեղեցիներու միութիւնը, ինչպէս նաեւ զարկ տալ միջկրօնական երկխօսութեան: