«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ Է, ՈՐ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ՃՇՄԱՐԻՏ ԴԻՄԱԳԻԾՆ ՈՒ ՎԱՒԵՐԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած ճաշկերոյթը, շուրջ 400 ազգայիններու մասնակցութեամբ, առիթ մը հանդիսացաւ՝ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տօնախմբելու Ապու Տապիի համայնքին այս եզակի իրագործումը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ անգամ մը եւս շեշտեց եկեղեցւոյ առանցքային տեղը եւ կարեւոր կոչումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս. «Եկեղեցին այն սրբավայրն է, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը կ’ապրինք եւ հոգեւոր արժէքներով ու ճշմարտութիւններով կը լիցքաւորուինք։ Եկեղեցւոյ կեանքին մեր մասնակցութեամբ կը պայծառակերպուինք հետեւաբար, եկեղեցին որպէս «Քրիստոսի խորհրդական մարմին»ը, մեզ կը հրաւիրէ մաս կազմելու իր կեանքին ու առաքելութեան»։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ «եկեղեցին մեր ժողովուրդին համար նաեւ ստացած է ազգային նկարագիր ու կոչում. հայ մշակոյթի ծագման ու զարգացման մէջ կարեւոր դեր է ունեցած, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս՝, ընկերային ծառայութեան մէջ, հիմնական դերակատար է եղած։ Աւելի՛ն, մեր ժողովուրդի ազատութեան եւ Հայրենիքի անկախութեան ու պաշտպանութեան մէջ Հայ Եկեղեցին իր կարեւոր ներդրումն է ունեցած։ Վերջին տասնամեակներուն, մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն մէջ անուրանալի է Հայ Եկեղեցւոյ բերած ծառայութիւնը»։ Եզրակացնելով իր խօսքը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Ապու Տապիի նորաօծ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ կոչուած է ծառայելու մեր ժողովուրդին։ Ան մեր ժողովուրդին հաւաքական տունը պիտի ըլլայ։ Եկեղեցւոյ դռները բաց պիտի ըլլան հայ ազգի բոլոր մեր զաւակներուն առջեւ, հանդիսանալով հոգեւոր արժէքներու, ապրումներու և ազգային ձգտումներու կենսայորդ աղբիւրը»։

Իր պատգամի աւարտին, գնահատելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը՝ Նորին Սրբութիւնը անոր նուիրեց ձեռաց խաչ մը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ լանջախաչ մը նուիրեց Շարժայի ու Տուպայի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Արամ Քհն. ՏԷիրմէնճեանին։

Ճաշկերոյթի ընթացքին, խօսք առաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որ թեմէն ներս անցնող տասնամեակներուն ծառայած առաջնորդներուն ու կաթողիկոսական փոխանորդներուն անունով շնորհաւորեց եւ իր մտածումները փոխանցեց ներկաներուն, շեշտելով եկեղեցւոյ շինութեան իւրայատուկ կարեւորութիւնը համայնքին հաւաքական կեանքին մէջ։ Հայերէն ու արաբերէն լեզուներով խօսք առաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ շինութեան առիթով, կոչ ուղղելով ժողովուրդին, որ իրենց ներկայութեամբ պայծառացնեն եկեղեցւոյ կեանքը եւ ծաղկեցնեն ծառայութիւնը։ Եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբին անունով նախ խօսք առաւ Տիար Գրիգոր Մահսերէճեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, արաբերէն լեզուով, ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ Ապու Տապիի գաղութի կեանքին ու յատկապէս եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն։ Ապա, Տիար Հրայր Սողոմոնեան պարզեց եկեղեցւոյ շինութեան կարեւոր հանգրուանները եւ ներկայացուց շինարարական ծախսերուն պատկերը։

Ճաշկերոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպաններն ու հիւպատոսները, ինչպէս նաեւ՝ Թեհրանի եւ Սպահանի Թեմերու առաջնորդները և միաբան հայրեր: