Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Մեղեդիներ, Տաղեր եւ Գանձեր» ձայնասկաւառակին, մեկնաբանութեամբ Շողիկ Թորոսեանի եւ նուագակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի։
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան, որ անդրադարձաւ շարականի դերին ու անոր ներշնչումով կերտուած հայու հոգիին ու ապրումներուն։ Ան ներկայացուց ձայնասկաւառակին պատրաստութեան գլխաւոր դերակատարներ՝ Շողիկ Թորոսեանն ու Յասմիկ Գասպարեանը եւ անոնց բարի երթ մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ։ Ապա, ջութակով ելոյթ ունեցաւ Մարիան Արթինեան, ներկայացնելով Կոմիտասի «Ջինար ես»ը։
Օրուան բանախօսն էր երաժիշտ, ջութակահար Արմէն Ճէնտէրէճեան, որ նախ բարձր գնահատեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կատարած լուրջ եւ պատասխանատու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Շողիկ Թորոսեանի եւ Յասմիկ Գասպարեանի մասնագիտական եւ բարձրորակ կատարումները։ Ան մէջբերելով զանազան պատմական տուեալներ, ցոյց տուաւ Հայ Եկեղեցւոյ շարականներուն, մեղեդիներուն ու գանձերուն ունեցած արժէքը պատմութեան մէջ, մանաւանդ ներկայ դարուս համաշխարհային ճանաչում ունեցող երաժիշտներու մօտ։
Շնորհահանդէսի աւարտին Շողիկ Թորոսեան եւ Յասմիկ Գասպարեան ելոյթ ունեցան ներկայացնելով երկու մեղեդիներ, քաղուած նոր պատրաստուած ձայնասկաւառակէն։
Փակման խօսքը կատարեց Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան, որ մեծապէս գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայի ծրագիրներուն։ Կորիւն Սրբազան անդրադարձաւ շարականի ունեցած հրաշագործ ազդեցութեան եկեղեցական արարողութիւններուն ու ծիսական կեանքէն ներս։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» երգով, կատարողութեամբ Շողիկ Թորոսեանի եւ Յասմիկ Գասպարեանի։
Նշենք, որ սոյն ձայնասկաւառակի նախապատրաստական աշխատանքներուն ու ձայնագրութեան մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան նախկին տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան: