Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԻՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Իրան։

Վեհափառ Հայրապետը Թեհրանի ու Նոր Ջուղայի մէջ այցելութիւններ պիտի տայ ծխային եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն, հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմական մարմիններուն ու պետական պատասխանատուներուն հետ, պիտի նախագահէ մշակութային եւ կրօնական հանդիսութիւններու եւ իր պատգամը պիտի տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Վեհափառին Հովուապետական այցելութիւնը պիտի տեւէ շուրջ երկու շաբաթ։