«ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՈՒՍԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ԴՆԷ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԱՊՐԵԼՈՒ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ՄԵՐ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒՆ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐՆ Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ,11 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, ԼիբանանիՊգնայաշրջանիՍայիտէդԱլՊիր վանքին մէջտեղիունեցաւ շնորհահանդէսը «Քրիստոնէութեան եւ Իսլամութեան Դերը՝ Համագոյակցութեան Ամրապնդման Մէջ» խորագրովգիրքին, որ լոյս տեսած էր քրիստոնեայ եւ իսլամ զանազան համայնքներու եւ Adyan ընկերակցութեան գործակցութեամբ:

 

Սոյն ձեռնարկին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱրամԱ. Կաթողիկոսին, իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց ԹեմիԱռաջնորդԳերշ. Տ.ՇահէԵպս. Փանոսեան: Սրբազան Հայրը, շնորհաւորելէ ետք կատարուած աշխատանքը, ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին խօսքը: Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ շեշտած էր, թէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներ եւ իսլամներ դարեր շարունակ համագոյակցած են: Տարածաշրջանէն ներս ներկայիս տեղի ունեցող զարգացումներուն լոյսին տակ, մեզմէ իւրաքանչիւրը առաւել եւս պատասխանատուութեան պէտք է հրաւիրուի՝ այդ համագոյակցութիւնը ամրապնդելու համար: Պատմութիւնը մեր ուսերուն վրայ կը դնէ պարտաւորութիւնը միասնաբար ապրելու, որովհետեւ Միջին Արեւելքը մեր կրօններուն ծննդավայրն է: Համայնքներու ինքնութիւնը՝ ցեղային եւ կրօնական պատկանելիութիւնը, կրնայ իր դրական կամ ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ: Այդ իսկ պատճառով, իբր հոգեւոր առաջնորդներ՝ մենք պարտաւոր ենք ճիշդ ճանապարհով առաջնորդելու մեզի հետեւողները:

 

Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ կը շեշտ էր, թէ Լիբանանը համագոյակցութեան լաւագոյն օրինակն է, ուր բոլոր համայնքներու զաւակները բարի դրացնութեան մէջ կ’ապրին իրենց լիբանանցի քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ:

 

            Շնորհահանդէսի ընթացքին նաեւ խօսքեր առին քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնապետներու ներկայացուցիչները, որոնք բոլորն ալ շնորհաւորեցին ու քաջալերեցին տարուած աշխատանքը:

 

            Նշենք, թէ վերոյիշեալ գիրքի հրատարակութեան առիթով, Adyan ընկերակցութիւնը կազմակերպած էր եռօրեայ համագումար մը: Ուրբաթ 10-Կիրակի 13 Հոկտեմբեր 2014 երկարող սոյն համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Բարշ. Յակոբ Սրկ. Գարտանաքեան, Դոկտ. ԺանՍալմանեանեւ Օրդ. ՆայիրիԹօփալեան: