22 October, 2014

«ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՊԷՏՔ Է ԳՏՆՈՒԻ ԻՐ ԱՆՑԵԱԼԻՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԿԵՐՏԷ ԻՐ ԱՊԱԳԱՆ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս բառերով սրտագին կոչ ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը Ս. Ամենափրկիչ վանքին շրջափակը հաւաքուած հազարաւոր հայորդիներուն: Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Նոր Ջուղայի չորս հարիւր տարիներու պատմութեան մասին, ըսաւ. «Այս բուռ մը հողին վրայ, մեր  ժողովուրդի զաւակները քրիստոնէական հաւատքը ամուր պահեցին եւ մեր մշակութային արժէքները` կենսունակ։ Անոնք հաւատարիմ գտնուեցան մեր ժողովուրդի դարաւոր ձգտումներուն ու երազներուն։Նոր Ջուղան անցեալ չէ, այլ ան  ներկայ ու մանաւանդ ապագայ է: Չի՛ բաւեր միայն անցեալով հպարտանալ, այլ՝ անցեալին հաւատարիմ գտնուելով պէտք է կերտել ապագան»: Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով արտագաղթի մտահոգիչ երեւոյթին, շեշտեց Իրանի ամուր կառչելու հրամայականը եւ ըսաւ. «Բանաստեղծին բառերով խնդրելու պէս կը պահանջեմ ու պահանջելու պէս կը խնդրեմ Իրանի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներէն։ Մի՛ հեռանաք Նոր Ջուղայէն, Շահընշահրէն, Թեհրանէն, Թաւրիզէն եւ Ուրմիայէն: Ձեր պապերը ծով զոհողութեամբ այս գաղութները կազմակերպեցին, եկեղեցի ու դպրոց շինեցին, մշակոյթ ստեղծեցին ու պահեցին: Դուք կոչուած էք շարունակելու անոնց նուիրական գործը: Իսկ եթէ ոմանք ինչ-ինչ պատճառներով պարտաւորուած կ’ըլլան հեռանալու այս երկրէն, անոնք միայն մէկ հասցէ պէտք է ունենան՝ Հայաստան, միայն Հայաստան…»:

 

Նորին Սրբութեան պատգամէն առաջ խօսք առնելով Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանը, ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը Սպահանի Թեմէն ներս: Իսկ Հայրապետական պատգամէն ետք,Նոր Ջուղայի արուեստագէտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յատագիր մը: Հանդիսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Թեմի Ազգային Իշխանութեան խնդրանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց՝ Տիար Վրէժ Տէր Մարտիրոսեանը, Տիար Գարեգին Մարկոսեանը, Տիար Հրայր Շահնազարեանը եւ Տիար Ճորճ Աբրահամեանը:

 

Հանդիսութենէն առաջ Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ս. Յովսէփ Արիմաթացի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350 ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պատարագ յիշեալ պատմական եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Պատարագի աւարտին Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ, Ս. Յովսէփ Արիմաթացիի աջով տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն:

 

Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանին ներկայութեան հանդիպում մը ունեցաւ Շահընշահրի վարչութեան եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:  

More News