Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Ղարաբաղի ճակատին զոհուած երեք նահատակ օդաչուներու ընտանիքներուն և իր զօրակցութիւնը՝ հայոց բանակին։